-
ARF JOC Agenda 2011-2012
Filed under JOCSep 26
Լոյստեսաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի պատրաստած «Դասացոյց 2011-2012»ը, որ նախատեսուած է հայ աշակերտին համար, որպէս ամենօրեայ ուղղեցոյց եւ ընկեր սոյն տարեշրջանին համար։«Դասացոյց 2011-2012»ը հարուստ է ընդհանուր զարգացման գիտելիքներով, հայ մշակութային հարստութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը ներկայացնող էջերով եւ հայ կենցաղին վերաբերեալ գունագեղ էջերով։
Գանատայի տարածքին գործող հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու աշակերտներու կողքին, դասացոյցը տրամադրելի է նաեւ բոլոր հայ պատանիներուն, որոնք կ’ուզեն իրենց առօրեան լեցնել հարուստ գիտելիքներով եւ հայկականութեամբ։
Օրինակ մը ապահովելու համար դիմեցէք ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան http://badanegan.ca/contact/եւ կամ Համազգայինի Գրատարած:
-
ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան
Filed under JOCAug 30Ուրախ ենք յայտնելու որ շուտով ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնները, իրենց դռները պիտի բանան, 2011-2012 տարեշրջանի աշխատանքներուն համար։ Ուստի Վերամուտի եւ արձանագրութիւններու համար, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը ծրագրած է հանդիպում մը, որու ընթացքին դուք առիթ պիտի ունենաք ծանօթանալու պատանեկան միութիւններու դաստիարակչական տարեկան ծրագրին, տարուան ընթացքին կայանալիք նախատեսուած սեմինարներուն, ինչպէս նաեւ այլ աշխատանքներու:
Հանդիպումը նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որպէսզի ծանօթանաք այս աշխատանքները վարող վարիչներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի նուիրուին ձեր զաւակները ազգային եւ մշակութային գիտելիքներով հարստացնելու եւ անոնց ընկերային հմտութիւնները զարգացնելու աշխատանքին։
Կցուած կը գտնէք իւրաքանչիւր շրջանի հանդիպման վայրն ու թուականը։
-
Jun 8ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Համա-Գանատական սեմինար-μանակումը արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւնՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կազմակերպած էր Համա-Գանատական սեմինար-μանակում մը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8-10, Kinkora μանակավայրին մէջ, մասնակցութեամμ 180 պատանիներու եւ վարիչներու‘ Գանատայի տարածքին գործող միութեան զանազան մասնաճիւղերէն: Ստորեւ, սոյն μանակումին մասին պատանիներու պատրաստած թղթակցութիւնը:Ապրիլ 8-ին, պատանիները մի քանի քաղաքներէ ճամμայ ելան, մասնակցելու համար Համա-Գանատական սեմինար-μանակումին: Օնթարիոյէն եւ Քեպէգէն ժամանած պատանիները խանդավառութեամμ զիրար դիմաւորեցին: Աւելի ուշ, համեղ ընթրիք մը ճաշակելէ ետք, իւրաքանչիւր պատանի նշանակուեցաւ իր համապատասխան տնակին ու քնացանք:Շաμաթ առտու արթնցանք ժամը 8-ին ու մարզանք ըրինք: Յետոյ դրօշակի արարողութիւն կատարուեցաւ ու պատանիները եւ վարիչները միասնաμար «Մշակ Բանուոր» երգեցին: Նախաճաշեցինք եւ մեր օրը շարունակեցինք դասախօսութիւններով. ընկ. Հայդուկ Շամլեան մեզի ներկայացուց Հայ ֆետայական շարժումը, իսկ ընկհ. Անահիտ Պալեան անդրադարձաւ պատմական կարեւոր դէպքերու, դէմքերու ու դաշինքներու մասին եւ մեզի ներկայացուց այս նիւթերուն շուրջ պատրաստուած խաղերը: Այս μոլորին զուգահեռ, կրտսեր պատանիները տիկին Այտա Շամլեանի ցուցմունքներով, պատրաստեցին յատուկ գրքոյկներ նուիրուած Մեծ Եղեռնին: Ապա ունեցանք ազատ ժամ եւ ճաշի դադար, որմէ ետք խումμ-խումμ պատրաստեցինք ընկերուհիներուն μացատրած դաստիարակչական խաղերն ու աշխատանքները:Թեթեւ նախընթրիքէ մը ետք, ընկ. Հրայր Գարակէօզեան ներկայացուց ջարդարար թուրք ղեկավարները պատժած «Նեմէսիս» գործողութիւնը: Այս դասախօսութեան զուգահեռ ընկհ. Մարիա Քէօսէյեան ներկայացուց ՀՅԴ պատմութիւնը: Այս դասախօսութիւններէն ետք եղաւ դրօշակի արարողութիւն եւ ապա փառաւոր ընթրիք:Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ազգային յեղափոխական երգի մրցումը, որուն յաղթանակը տարին կրտսերները: Յետոյ ժամը հասաւ խրախճանքի. զուարճացանք, ցատկեցինք ու պարեցինք: Պատանիները ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի շուրջպար μռնած էին: Կէս գիշերէն ետք, պահակները նշանակուեցան եւ մնացեալները ցրուեցան դէպի իրենց տնակները: Ժամը երկուք ու կէսի շուրջ, յարձակում մը տեղի ունեցաւ եւ պատանիները քաջաμար պաշտպանեցին դրօշակը:Յաջորդ օրը՝ առտու, դարձեալ մարզանք ըրինք, որուն յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն: Kung Fu մարտարուեստի դասընթացքի, որմէ ետք պայուսակները դասաւորեցինք եւ տնակները մաքրեցինք, որպէսզի պատրաստ ըլլանք մեկնումի: Ապա ուղղուեցանք դէպի մայր սրահ ու միասնաμար դիտեցինք «Screamers» ժապաւէնը, որուն ընթացքին ընկ. Յարութ Դաւիթեան հարցումներով ու μացատրութիւններով պատասխանատուութիւն մը դրաւ մեզմէ ամէն մէկուն ուսերուն վրայ՝ որպէսզի ըլլանք լաւ աշակերտներ եւ ազգասէր հայեր, պաշտպանելու համար Հայ Դատը եւ մեր իրաւունքները:Կէսօրին միասին ճաշեցինք, μայց, դժμախտաμար, մեր հաճելի ժամանակը կը հասնէր իր աւարտին. տխուր էինք որ պիտի μաժնուէինք, երμ μանակումի ընդհանուր պատասխանատու հերթապահը՝ ընկեր Յարութ Դաւիթեանը, մեր μոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց, յայտարարելով որ մրցանակներ պիտի μաժնուին. խանդավառութիւն կար, ծափահարութիւն, ակնկալութիւններ:Իրարմէ չμաժնուած, հեռաձայնի թիւեր փոխանակեցինք, որպէսզի իրարու հետ կապը շարունակենք:Շաμաթավերջը շատ հաճելի անցաւ, որովհետեւ հայ պատանիները միասին սքանչելի ժամանակ անցուցին:Ընկհ. Գայիանէ Գասապեան, ԹորոնթօԸնկհ. Արեւիկ Աֆարեան, ՄոնթրէալԸնկհ. Բալիկ Պալեան, ՄոնթրէալԸնկհ. Գառնի Ասատուրեան, Գէմպրիճ
![]() |
Welcome to the A.R.F.J.O.C Armenian Revolutionary Federation Junior Organization of Canada |
Thank you for visiting our web site! The ARFJOC has been active since 1956. We still strive to enrich the lives of our members, our community, and most importantly our organization. With this website's creation, we open a new chapter and mark the beginning of an era where our juniors collaborate and represent a true meaning of dedication. Through this website, the voices and activities of our junior members get the opportunity to reach across horizons and transmit their true nationalist behavior.




