• ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Համա-Գանատական սեմինար

    Filed under JOC
    Jun 8
    ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Համա-Գանատական սեմինար-μանակումը արձանագրեց աննախընթաց յաջողութիւն
    ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կազմակերպած էր Համա-Գանատական սեմինարանակում մը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 8-10, Kinkora μանակավայրին մէջ, մասնակցութեամμ 180 պատանիներու եւ վարիչներուԳանատայի տարածքին գործող միութեան զանազան մասնաճիւղերէն: Ստորեւ, սոյն μանակումին մասին պատանիներու պատրաստած թղթակցութիւնը:
    Ապրիլ 8-ին, պատանիները մի քանի քաղաքներէ ճամμայ ելան, մասնակցելու համար Համա-Գանատական սեմինարանակումին: Օնթարիոյէն եւ Քեպէգէն ժամանած պատանիները խանդավառութեամμ զիրար դիմաւորեցին: Աւելի ուշ, համեղ ընթրիք մը ճաշակելէ ետք, իւրաքանչիւր պատանի նշանակուեցաւ իր համապատասխան տնակին ու քնացանք:
    Շաμաթ առտու արթնցանք ժամը 8-ին ու մարզանք ըրինք: Յետոյ դրօշակի արարողութիւն կատարուեցաւ ու պատանիները եւ վարիչները միասնաμար «Մշակ Բանուոր» երգեցին: Նախաճաշեցինք եւ մեր օրը շարունակեցինք դասախօսութիւններով. ընկ. Հայդուկ Շամլեան մեզի ներկայացուց Հայ ֆետայական շարժումը, իսկ ընկհ. Անահիտ Պալեան անդրադարձաւ պատմական կարեւոր դէպքերու, դէմքերու ու դաշինքներու մասին եւ մեզի ներկայացուց այս նիւթերուն շուրջ պատրաստուած խաղերը: Այս μոլորին զուգահեռ, կրտսեր պատանիները տիկին Այտա Շամլեանի ցուցմունքներով, պատրաստեցին յատուկ գրքոյկներ նուիրուած Մեծ Եղեռնին: Ապա ունեցանք ազատ ժամ եւ ճաշի դադար, որմէ ետք խումμ-խումμ պատրաստեցինք ընկերուհիներուն μացատրած դաստիարակչական խաղերն ու աշխատանքները:
    Թեթեւ նախընթրիքէ մը ետք, ընկ. Հրայր Գարակէօզեան ներկայացուց ջարդարար թուրք ղեկավարները պատժած «Նեմէսիս» գործողութիւնը: Այս դասախօսութեան զուգահեռ ընկհ. Մարիա Քէօսէյեան ներկայացուց ՀՅԴ պատմութիւնը: Այս դասախօսութիւններէն ետք եղաւ դրօշակի արարողութիւն եւ ապա փառաւոր ընթրիք:
    Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ազգային յեղափոխական երգի մրցումը, որուն յաղթանակը տարին կրտսերները: Յետոյ ժամը հասաւ խրախճանքի. զուարճացանք, ցատկեցինք ու պարեցինք: Պատանիները ձեռք-ձեռքի, ուս-ուսի շուրջպար μռնած էին: Կէս գիշերէն ետք, պահակները նշանակուեցան եւ մնացեալները ցրուեցան դէպի իրենց տնակները: Ժամը երկուք ու կէսի շուրջ, յարձակում մը տեղի ունեցաւ եւ պատանիները քաջաμար պաշտպանեցին դրօշակը:
    Յաջորդ օրը՝ առտու, դարձեալ մարզանք ըրինք, որուն յաջորդեց դրօշակի արարողութիւն: Kung Fu մարտարուեստի դասընթացքի, որմէ ետք պայուսակները դասաւորեցինք եւ տնակները մաքրեցինք, որպէսզի պատրաստ ըլլանք մեկնումի: Ապա ուղղուեցանք դէպի մայր սրահ ու միասնաμար դիտեցինք «Screamers» ժապաւէնը, որուն ընթացքին ընկ. Յարութ Դաւիթեան հարցումներով ու μացատրութիւններով պատասխանատուութիւն մը դրաւ մեզմէ ամէն մէկուն ուսերուն վրայ՝ որպէսզի ըլլանք լաւ աշակերտներ եւ ազգասէր հայեր, պաշտպանելու համար Հայ Դատը եւ մեր իրաւունքները:
    Կէսօրին միասին ճաշեցինք, μայց, դժμախտաμար, մեր հաճելի ժամանակը կը հասնէր իր աւարտին. տխուր էինք որ պիտի μաժնուէինք, երμ μանակումի ընդհանուր պատասխանատու հերթապահը՝ ընկեր Յարութ Դաւիթեանը, մեր μոլորին ուշադրութիւնը գրաւեց, յայտարարելով որ մրցանակներ պիտի μաժնուին. խանդավառութիւն կար, ծափահարութիւն, ակնկալութիւններ:
    Իրարմէ չμաժնուած, հեռաձայնի թիւեր փոխանակեցինք, որպէսզի իրարու հետ կապը շարունակենք:
    Շաμաթավերջը շատ հաճելի անցաւ, որովհետեւ հայ պատանիները միասին սքանչելի ժամանակ անցուցին:
    Ընկհ. Գայիանէ Գասապեան, Թորոնթօ
    Ընկհ. Արեւիկ Աֆարեան, Մոնթրէալ
    Ընկհ. Բալիկ Պալեան, Մոնթրէալ
    Ընկհ. Գառնի Ասատուրեան, Գէմպրիճ

Leave a Reply

Events

June 2011
M T W T F S S
« Nov   Aug »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930