• ՎԵՐԱՄՈՒՏ՝ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան

    Filed under JOC
    Aug 30

    Ուրախ ենք յայտնելու որ շուտով ՀՅԴ Գանատայի պատանեկան միութիւնները, իրենց դռները պիտի բանան, 2011-2012 տարեշրջանի աշխատանքներուն համար։ Ուստի Վերամուտի եւ արձանագրութիւններու համար, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը ծրագրած է հանդիպում մը, որու ընթացքին դուք առիթ պիտի ունենաք ծանօթանալու պատանեկան միութիւններու դաստիարակչական տարեկան ծրագրին, տարուան ընթացքին կայանալիք նախատեսուած սեմինարներուն, ինչպէս նաեւ այլ աշխատանքներու:

    Հանդիպումը նաեւ առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որպէսզի ծանօթանաք այս աշխատանքները վարող վարիչներուն, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի նուիրուին ձեր զաւակները ազգային եւ մշակութային գիտելիքներով հարստացնելու եւ անոնց ընկերային հմտութիւնները զարգացնելու աշխատանքին։

     

    Կցուած կը գտնէք իւրաքանչիւր շրջանի հանդիպման վայրն ու թուականը։

Leave a Reply

Events

August 2011
M T W T F S S
« Jun   Sep »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031