-
Armenia Trip 2012
Յարգելի Ծնողք,
2012 թուականը կրկին նշանակալից պիտի ըլլայ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան 14-16 տարեկան պատանիներուն համար, որովհետեւ Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը յիշելով Հայաստանագնացութեան տասերրորդ ամեակը կրկին կազմակերպած է Հայաստանգնացութեան ծրագիր որ ոչ միայն զուտ զբօսաշրջութեան այլ նաեւ դաստիարակչական եւ ընկերային բնոյթ ունենալով բացարիկ առիթ մը պիտի հանդիսանայ, որ պտոյտի մասնակիցները լաւապէս ճանչնան մեր հայրենիքը եւ հետագային կարենան անոր հայկական ոգիին ու շունչին յիշատակին ներքոյ օտար ափերուն վրայ պահպանել ու փոխանցել իրենց ինքութեան հարստութիւնը:
Ուստի ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը կը հրաւիրէ ձեզ ներկայ գտնուելու հանդիպման մը որ տեղի պիտի ունենայ
Դեկտեմբեր 2-ին, երեկոյեան 9-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի ճաշարանը,
Դեկտեմբեր 7-ին, երեկոյեան 8:30-ին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնը, թիւ 3 սենեակ
Դեկտեմբեր 14-ին, երեկոյեան 7-ին, Գեմպրիճի Հայ Կեդրոնը
որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Հայաստանգնացութիւն 2012-ի ընդհանուր ծրագիրը, ներառեալ մասնակցութեան պայմանները, այցելութեան վայրերը, կեցութեան մանրամասնութիւնները,
կարգապահական եւ այլ օրէնքները:Սոյն հանդիպումին մասին հաւելեալ տեղեկութիւն ստանալու համար կարելի կապուիլ՝
ընկեր Մանօ Անսուրեան – (519) 221-9517
ընկեր Շանթ Սորֆազլեան – (416) 897-8802
ընկեր Սեդրակ Կարապետեանին (514) 992-4307
Միասնաբար մեր պատանիներուն հայրենիքի մէջ անմոռանալի պահեր շնորհելու յոյսով՝
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան
Ընդհանուր Վարիչ Մարմին
Dear parents,
Please note that the ARF Junior Organization of Canada’s Central Junior Council is pleased to invite you to an informational meeting regarding the 2012 Armenia trip for Badanees aged 14 to 16.
This trip shall prove to be a unique experience for the members of our youth organization by giving them the opportunity to experience the Homeland not only from a touristic perspective but also from and educational, social and spiritual one.
The meeting will take place on
Friday December 2nd at 9pm at the Armenian community centre restaurant in Toronto.
Wednesday December 7th at 8:30pm at the Armenian community centre of Montreal (Tiv 3)
Wednesday December 14th at 7pm at the Armenian community centre of Cambridge
The members of the organizing committee will present the trip’s itinerary, registration criteria, costs, rules and other pertinent information.
With the hopes of sending off our badanees to a life-altering time in Armenia, we hope to see you at the meeting and remain sincerely yours,
Should you have questions prior to the meeting please contact:
Mano Ansourian at (519) 221-9517
Shant Sorfzlian at (416) 897-8802
Setrak Garabedian at (514) 992-4307
ARF Junior Organization of Canada
Central Junior Council

