-
Aug 18
It all started in the fall of 2009. The Central Executive of the ARFJOC (Armenian Revolutionary Federation Junior Organization of Canada) along with its chapter executives and chapter members began the arduous task of raising funds and almost eight months later, all their hard work came to fruition on July 29, 2010.
Forty-six ARFJOC members from Quebec and Ontario, along with their counsellors, made their way to Armenia and Nagorno-Karabakh to get to know firsthand their cultural treasures and see the historical riches they were taught growing up.
Prior to their departure, the church pastor of Sourp Hagop Armenian Apostolic Church in Montreal, Rev. Fr. Karnig Koyounian, blessed the travellers wishing them a safe trip, and before boarding, they recited Our Lord’s Prayer together with their anxious parents.
After months and months of waiting and working towards this grand moment, their excitement was almost palpable as their flight finally took off, and as they reached Zvartnots Airport, they could no longer hold their anticipation to finally see Mount Ararat.
During their first three days in Armenia, the teens had the opportunity to visit the National Gallery of Armenia and familiarize themselves with precious cultural and historical objects and artefacts. Afterwards, they visited the famous market “Vernissage,” and viewed the artwork of local artists. They also climbed the Cascade stairs where once on top, they gazed upon spectacular views of Mount Ararat and the centre of Yerevan.
The group’s tour was marked by the historical visits to the office of the ARF Bureau, the ARF Museum, the editorial offices of “Droshag,” the “Hrair Maroukhian” Library, and the ARF “Aram Manougian” Youth Centre. On behalf of the ARFJOC, the flag of the ARF Junior Organization of Canada was given to the Bureau’s Youth office. During these visits, badanees met with local ARF youth members, who in turn presented the activities their chapter undertakes and invited their counterparts to their camp in Dilijan.
Part of their tour also included the Ashdarag region, where the teens visited 7th, 13th and 16th Century churches and learned about their history. After their visit to the “Berj Broshian” House Museum, where they savoured a variety of local cuisine, the group took part in a special play to celebrate Vardavar day, where they not only learned about the traditions behind this festival, but also participated in the festivities, and promised to share their new found knowledge to their friends back home.
During their 4th day in Armenia, the group visited Keghart Church and the Garni Temple, where they discovered the different eras and rich folds of Armenian history. The following day was an emotional day for the teens. They visited the Yeraplour Martyrs’ Pantheon and placed flowers at the gravesides of fallen heroes like Mher Choulhajian (after whom the Central Junior Council has established a special graduation award across Canadian schools) and Viken Zakarian (who has a ARFJOC chapter named after him in Quebec). They concluded this tour with a visit to Sose Mayrig’s mausoleum.
Afterwards, they visited the Dzidzernagapert Armenian Genocide Memorial and Museum. “We can’t explain how tumultuous our emotions were,” the teens remarked when they described their feelings during their visit. During the second half of the day, the group visited the Ampert Church and Fortress. On their way back to Yerevan, they visited the Victor Hampartsoumian Observatory and familiarized themselves with the work of renowned Armenian scientists.
On their 6th day, the group made its way to Nagorno-Karabakh and stopped by Khor-Virap Monastery, where almost every teen made their way down to the dungeon where Saint Gregory the Illuminator was held for 13 years. En route, they also visited the 13th century monastery, Noravank, and the Armenian Stonehenge Karahunj and Zorats Karer, prior to arriving in Shushi.
In Karabakh, they first visited the Kantsasar Monastery before heading out to Dikranagerd, one of the four cities founded by the Dikran the Great, where they had the opportunity to see the archaeological excavations that are taking place in the area since 2006. That night, the teens had supper at the Shushi Naregatsi Art Institute, where they met local teens and spent the evening dancing and singing with them.
During their stay in Artsakh, their visit to the National Pantheon Monument and Museum left a great impression on the teens, as they learned more about the great sacrifices the martyred soldiers had made for their country. A visit to “Mamig & Babig” sculptures also knows as We Are Our Mountains symbol of Nagorno-Karabakh followed.
Upon their return to Shushi, the youngsters walked around the town and met local teenagers like themselves. That night, a feast was organized for the Naregatsi Art Institute kids by CJC, where juniors gave their new-found friends gifts and back-to-school supplies. Aftre dinner, they all watched a special film dedicated to the liberation of Shushi at the outskirts of Saint Ghazanchetsots Cathedral.
On the 8th day of their trip, the group left Shushi for Lake Sevan and stopped by the Noraduz Cemetery, an open-air museum of one of the greatest collections of Khatchkars. As they approached the blue waters of Lake Sevan, the adolescents couldn’t hold back their excitement and were taken aback by the beauty of the region.
They spent part of the following day exploring the region, before heading out to the province of Davoush, where they visited the Goshavank and Haghartsin Monasteries. Afterwards, their journey took them to residence of the Yerevan chapter of the ARF Junior Organization, where they spent time getting to know their new friends, sang songs and danced traditional Armenian dances together.
The 10th day of their trip was truly remarkable. The group first visited historical Sartarabad Monument and Museum, where they learned about the first Republic of Armenia, Armenian culture throughout the ages, among other fascinating facets of Armenian history. They also visited the ruins of Zvartnots, St. Hripsime and St. Kayane churches, as well as St. Etchmiadzin Cathedral.
During their last day in Armenia, the group went to Oshagan, where their visit to the St. Mesrob Mashdot’s tomb became a pilgrimage for the juniors. The memories they built with the experiences and high emotions they had during their ten-day visit, culminated there and made their identity and faith stronger.
The Central Junior Council of the ARFJOC would like to extend its gratitude to all of the people who made “Armenia Trip 2010” possible. For all those interested on reading more about this trip and for pictures and clips, please visit www.badanegan.ca and click on AT2010.
-
Aug 14
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան
«Հայաստանագնացութիւն 2010» ծրագիրը՝
Յաջողութեամբ Աւարտեցաւ
Յուլիս 16 2010-ը նշանակալից եւ անմոռանալի օր էր ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան համար։ Հոկտեմբեր 2009-էն սկսեալ, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմնի,Վարիչ Կազմերուն եւ մասնաճիւղերուն կազմակերպչական եւ դրամահաւաքի հետեւողական աշխատանքին որպէս արդիւնք՝ Օնթարիոյի եւ Քեպէգի մասնաճիւղերէն 14-16 տարեկան 46 պատանիներ, իրենց վարիչներուն հետ կը մեկնէին Հայաստան եւ Արցախ՝ ծանօթանալու եւ հաղորդուելու հայրենիքի սրբազան հողին ու հարստանալու հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կերտած ու խորհրդանշող մշակութային եւ ազգային հարստութեամբ։
Խանդավառութիւնը մեծ էր պատանիներուն, որոնք ամիսներ շարունակ անհամբեր կը սպասէին նշանակալից այդ վայրկեանին, երբ օդանաւը էջք պիտի կատարէր Զուարթնոց օդակայան եւ իրենք՝ Արարատի հովանիին ներքեւ յաղթական բանակի մը պէս, ընկեր-ընկերուհիներով պիտի տողանցէին մայր հողին վրայ։
Ուստի, նախ քան խումբը Հայաստան մեկնի, Փիէռ Թրուտօ օդակայանին մէջ, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ արժանապատիւ Տէր Գառնիկ քհնյ. Գոյունեան, այս առիթով գրուած աղօթքի մը ընդմէջէն իր հայրական պատգամը փոխանցեց պատանիներուն ու ապա Տէրունական աղօթքով եւ ծնողներուն բարի մաղթանքներով խումբը ճամբայ ելաւ դէպի երկիր։
Հայաստանագնացութեան առաջին երեք օրերը անցան խանդավառ եւ ոգեւորիչ մթնոլորտի մը մէջ։ Պատանիները առիթ ունեցան այցելելու Հայաստանի Պետական թանգարան եւ ծանօթանալ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթին մաս կազմող թանկարժէք իրերու, Գասգատի աստիճանները բարձրանալով, անոնք վայելեցին Երեւանի համայնապատկերը եւ Վերնիսաժ այցելութեամբ ծանօթացան հայ վարպետներու ստեղծագործու-թեանց։
Պատմական նշանակութիւն ունեցաւ խումբին այցը ՀՅԴ Բիւրոյի գրասենեակ, ՀՅԴ թանգարան, «Դրօշակ»ի խմբագրատուն, «Հրայր Մարուխեան» թանգարան եւ ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոն։ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան կողմէ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին յանձնուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան դրօշակը, որմէ ետք պատանիները առիթ ունեցան ծանօթանալու եւ հաղորդակցելու երեւանաբնակ պատանիներու հետ, որոնք իրենց կարգին խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց մասնաճիւղի աշխատանքները եւ հրաւիրեցին պատանիները իրենց Դիլիջանի բանակավայրը։
Հաճելի եւ իւրայատուկ պտոյտ մը եղաւ խումբին այցելութիւնը Աշտարակի շրջան, ուր անոնք առիթը ունեցան ծանօթանալու 7-րդ, 13-րդ, եւ 16-րդ դարերուն կառուցուած եկեղեցիներու եւ անոնց պատմութեան։ Ապա «Պերճ Պռօշեան»ի տուն թանգարանին մէջ, համտեսելէ ետք հայկական աւանդական ճաշեր, խումբը ներկայ գտնուեցաւ Վարդավառի տօնին նուիրուած ձեռնարկի մը, ուր պատանիներուն ներկայացուեցան այդ օրուան համար պատրաստուած յատուկ թատրոն մը, այդ տօնին առնչուող ծիսական սովորութիւններ, երգեր ու պարեր, որոնց մասնակից դարձան պատանիները եւ խանադավառութեամբ իւրացուցին զանոնք յետագային բաժնելու համար զանոնք գանատաբնակ իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն հետ։
Հայաստանագնացութեան չորրորդ օրուան ընթացքին, խումբը այցելեց Գեղարդ եւ Գառնիի հեթանոսական տաճար։ Պատանիներուն համար հետաքրքրական էր տեսնել տարբեր դարաշրջաններու ընթացքին հայ ժողովուրդի կառուցած հրաշալի կոթողները, որմէ ետք անոնք յաղթահարեցին Գառնիի քարքարոտ եւ փշոտ կածաններն ու արահետները եւ Գառնիի ձորին մէջ հայկական տհոլ զուռնայի ընկերակցութեամբ, հայակական պարեղանակներու եւ տոհմիկ մթնոլորտի մը մէջ վայելեցին հայրենի բնութիւնը եւ իրենց պատանեկան յիշատակարանին մէջ արձանագրեցին անմոռանալի պահեր։
Հայաստանագնացութեան հինգերրորդ օրը զգացախառն օր մը եղաւ պատանիներուն համար: Առաջին հերթին խումբը այցելեց Եռաբլուր, ուր յատուկ ուղեցոյցով անոնք շրջեցան եւ կանգ առին հերոսներու շիրիմներուն առջեւ, ծաղիկներ զետեղեցին ընկ. Մհեր Ջուլհաճեանի շիրմաքարին, որուն անունով ԸՎՄ-ը յատուկ մրցանակ մը հիմնած է Գանատայի դպրոցներու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն համար եւ ընկ. Վիգէն Զաքարեանի շիրմաքարին, որուն անունը կը կրէ Մեծն Մոնթրէալի մասնաճիւղերէն մէկը։ Եռաբլուր այցելութիւնը աւարտեցաւ Սօսէ Մայրիկի դամբարանին շուրջ «Վէրքերով Լի, ջան Ֆետայ եմ»-ի երգեցողութեամբ:
Եռաբլուրէն ետք, խումբը ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդ: «Անբացատրելի էր մեր հոգեկան վիճակն ու զգացական ապրումները» կը հաստատեն պատանիները երբ կը նկարագրեն իրենց այցը Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակի զետեղումը Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ Ապա Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ անոնք կը հարստացնեն իրենց գիտելիքները եւ հաղորդակից կը դառնան Աղէտին ահաւորութեան։
Օրուան երկրորդ կէսին խումբը կþայցելէ Ամբերդ եւ կը ծանօթանայ Բագրատունեաց թագաւորութեան համար ռազմական նշանակութիւն ունեցող միջնադարեան ամրոցին։ Օրուան աւարտին, դէպի Երեւան վերադարձի ճամբուն վրայ խումբը կþայցելէ նաեւ Վիքթոր Համբարձումեանի անուան Աստղադիտարանը եւ կը ծանօթանայ հայ գիտնականներու աշխատանքին։
Հայաստանագնացութեան 6-րդ օրը խումբը ճամբայ ելաւ դէպի Արցախ։ Անցնելով Արարատեան դաշտէն խումբը այցելեց Խոր Վիրապ: «Հակառակ անոր որ մշուշը պատած էր Արարատի շքեղութիւնը, սակայն Արարատ լերան լանջին ըլլալն իսկ բաւարար էր մեզի համար», կը հաստատեն պատանիները։ Իւրաքանչիւր պատանի առիթը ունեցաւ իջնելու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի գետնափոր խուցը, ուր ան 13 տարի ապրած է:
Ապա Վայոց ձոր հասնելով, խումբը կþայցելէ Նորավանք, որ 13-րդ դարուն եղած է Սիւնիքի հոգեւոր կեդրոն, իսկ 14-րդ դարուն հոն գործած է նշանաւոր մանրանկարիչ, քանդակագործ եւ ճարտարապետ՝ Մոմիկը: Նորավանքէն ետք, պատանիներուն համար տպաւորիչ եղաւ նաեւ Քարահունջ եւ Զօրաց քարեր այցելութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղը Ողջունում է ձեզ» կարդալը՝ պատանիներուն համար եղաւ հպարտութեան եւ յուզումի պահ մը, որմէ ետք Ստեփանակերտէն Գորիս կապող մայրուղիով խումբը հասաւ Արցախի պատմութեան մէջ յատուկ տեղ գրաւած Շուշի քաղաքը:
Առաջին հերթին խումբը այցելեց Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Գանձասարի վանք-համալիրը, ապա ուղղուեցաւ դէպի Տիգրանակերտ, Տիգրան թագաւորի կառուցած չորս քաղաքներէն մէկը, ուր պատանիները առիթ ունեցան ծանօթանալու, վերջին տարիներուն, շրջանին մէջ կատարուած պեղումներուն, որոնք ընթացք առած էին 2006 թուականին։ Նոյն երեկոյեան պատանիները ընթրեցին Շուշիի Նարեկացի Արուեստի Հիմնարկի շրջափակին մէջ եւ ծանօթացան Շուշեցի պատանիներու, որոնց հետ ամբողջ գիշերը զուարճացան՝ ազգային երգեր երգելով եւ հայկական շուրջպարեր պարելով:
Արցախ կեցութեան ընթացքին, պատանիներուն համար յատկանշական էր Ստեփանակերտի պանթէոն ու թանգարան այցելութիւնը, ուր անոնք ծանօթացան Արցախի ազգային ազատագրական պայքարի հերոսական ոգիին եւ նահատակ մարտիկներու սխրագործութեան: Այս յատկանշական այցելութենէն ետք, ուղեւորութիւնը շարունակուեցաւ դէպի «Մենք ենք մեր սարերը»՝ Մամիկի ու Պապիկի խորհրդանշական յուշակոթողը։ Շուշի վերդարաձին, պատանիներուն համար հետաքրքրական էր քալել Շուշիի փողոցներէն եւ ընկերանալ Շուշեցի պատանիներուն հետ։
Կէսօրէ ետք պատանիները բարձրացան Քըրչըրտուզ, ուրկէ հմայուած դիտեցին Արցախի լեռները եւ ազատագրուած տարածքները, որոնք Ղարաբաղեան շարժման օրերուն դարձած էին մեր հերոսներու ազատագրական պայքարի մեկնակէտը եւ պատմութեան հպարտութիւնը: Երեկոյեան, դարձեալ Նարեկացի Արուեստի Հիմնարկին մէջ, տեղի ունեցաւ խրախճանք եւ պատանիները իրենց նոր ընկերներուն յանձնեցին նուէրներ եւ գրենական պիտոյք, որպէսզի զանոնք օգտագործեն իրենց դպրոցական վերամուտին:
Պատանիները առիթ ունեցան նաեւ Ս. Ղազանջեցոց եկեղեցւոյ կողքին, դիտելու յատուկ տեսերիզ մը նուիրուած Արցախեան գոյապայքարին եւ ազատագրուած Շուշիին մէջ վերապրեցան մեր քաջարի մարտիկներուն հերոսական յաղթանակներու՝ աննկարագրելի յուզումը, երջանկութիւնը եւ հպարտութիւնը:
Հայաստանագնացութեան ութերորդ օրը խումբը Շուշիէն ճամբայ ելաւ դէպի Սեւանայ լիճ եւ առաջին հերթին կանգ առաւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ գտնուող Նորատուզի գերեզմանատումը, որ բաց երկնքի տակ խաչքարերու հմայիչ թանգարան մըն է եւ ծանօթացաւ հայ վարպետներու եւ հայ ժողովուրդին յատուկ խաչքարերու նուրբ եւ գեղեցիկ արուեստին։ Ապա մեծ էր պատանիներուն խանդավառութիւնը երբ կապուտակ Սեւանը պարզեց իր գեղեցկութիւնը եւ հմայեց բոլորը։ Յաջորդ օրուան ընթացքին, վայելելէ ետք Սեւանի գեղեցկութիւնը, պատանիները մեկնեցան Տաւուշի մարզ եւ այցելեցին Գոշավանք եւ Հաղարծին ու ապա մեկնեցան Հայաստանի Պատանեկան Միութեան Դիլիջանի բանակավայրը եւ իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն հետ անմոռանալի պահեր ապրեցան յեղափոխական երգեր երգելով ու հայկական պարեղանակներու տակ շուրջպար բռնելով։
Հայաստանագնացութեան տասերորդ օրը իւրայատուկ օր մըն էր։ Խումբը նախ քան հասնի հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալի կարեւորագոյն վայրը՝ Սարդարապատ, այցելեց Զուարթնոցի աւերակները եւ Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայեանէ եկեղեցինները, ինչպէս նաեւ Ս. Էջմիածնի Մայր Տաճար։ Ապա հասնելով Սարդարապատ, խումբը նախ այցելեց Սարդարապատի թանգարան, ուր յատուկ բացատորութիւններ տրուեցան պատանիներուն Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի հերոսամարտերուն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան մասին։ Թանգարանը, որ կառուցուած է հայկական աւանդական տան ճարտարապետութեամբ, ունի նաեւ տարբեր դարաշրջաններու պատկանող հայկական մշակոյթին մաս կազմող իրերու արուեստի գործերու մեծ հաւաքածոյ մը, որոնց ծանօթանալը դաստիարակիչ եւ հարստացնող նշանակութիւն ունեցաւ պատանիներուն համար։ Ապա Սարդարապատի ցուլերուն եւ զանգերուն ներքեւ պատանիները մեծ ոգեւորութեամբ ու ներշնչումով երգեցին Սարդարապատի քայլերգը եւ նշեցին Լեզպոնի հինգ հերոսներուն նահատակութեան յիշատակի օրը, որ կը զուգադիպէր նոյն օրուան եւ հոն կատարեցին անոնց յիշատակին նուիրուած երգերէն մէկը։
Հայաստանագնացութեան վերջին օրուան ընթացքին, խումբը մեկնեցաւ Օշական։ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմ այցելութիւնը պատանիներուն համար ուխտագնացութիւն մը եղաւ։ Տաս օրուան ընթացքին հայրենիքին մէջ իրենց ապրած յիշատակելի ու ոգեւորիչ պահերը, երջանիկ եւ յուզումնախառն վայրեկեանները հարստացուցած էր անոնց հոգինները, ու անոնք պատրաստ էին Օշականի սրբավայրին մէջ հաստատելու թէ տէրն են իրենց ինքնութեան, լեզուին, հաւատքին եւ հայրենիքին։
Օշականէն ետք, Աշտարակի Ձոր համալիրէն ներս, պատանիները հայկական ջերմ ու մտերմիկ մթնոլոտի մէջ ցտեսութիւն ըսին հայրենիքին ու Երեւան վեդառնալով պատրաստուեցան վաղ առաւօտեան վերդառնալ Գանատա, իրենց պատանի կեանքերը հարստացուցած՝ հայրենիքէն բուռ մը հայութիւն շալկած իրենց հոգիներուն խորը։
Այս առիթով, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան ԸՎՄ-ը իր յատուկ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ «Հայաստանագնացութիւն 2010» ծրագրի բոլոր նուիրատուներուն եւ օժանդակներուն, առանց որոնց կարելի պիտի չըլլար իրականացնել այս նախաձեռնութիւնը։
«Հայաստանագնացութիւն 2010» ծրագրի մասին, դուք կրնաք կարդալ պատանիներուն օրագրական էջերը եւ դիտել լուսանկարներն ու վիտէոները այցելելով www.badanegan.ca կայքէջի AT2010 Gallery բաժինը։
ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան
Ընդհնաուր Վարիչ Մարմին
-
Jul 29
Պատանիները մեկնեցան Երեւանի Զուարթնոց օդակայանանէն, Յուլիս 29-ի առաւօտեան եւ հասան Փարիզ կէսօրուան ժամը 12-ին: Խումբը մեկնեցաւ դէպի Գանատա:
Բարի ճանապարհ կը մաղթենք բոլորին եւ ապահով միացում իրենց ընտանիքներուն հետ:
![]() |
Welcome to the A.R.F.J.O.C Armenian Revolutionary Federation Junior Organization of Canada |
Thank you for visiting our web site! The ARFJOC has been active since 1956. We still strive to enrich the lives of our members, our community, and most importantly our organization. With this website's creation, we open a new chapter and mark the beginning of an era where our juniors collaborate and represent a true meaning of dedication. Through this website, the voices and activities of our junior members get the opportunity to reach across horizons and transmit their true nationalist behavior.



