-
Last Day in Armenia – MOTHERLAND
Filed under Armenia Trip 2010Jul 28ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ…
Ահաւասիկ հասաւ այն օրը, որ չէինք ուզեր որ հասնի, մեր վերջին օրը հայրենիքի մէջ:
Հրաժեշտ տուինք քաղաքին, այն յոյսով որ շուտով դարձեալ ետ կը վերադառնանք: Մեր օրը սկսանք Երեւանի թաղերուն մէջ քալելով ու ապա մեկնեցանք Օշական, ծանօթացանք Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքին եւ հանճարեղութեան մասին, նկարուեցանք այբուբէններուն հետ եւ մեր վերջին խրախճանքը տեղի ունեցաւ Աշտարակի Ձոր ճաշարանին մէջ:
Մենք կը մեկնինք Հայաստանէն, բայց Հայատանը կը տանինք մեզի հետ…
-
Jul 27
ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ…
Այսօր, Յուլիս 27, այցելեցինք Հայաստանի ամէնակարեւոր վայրերը, ինչպէս Էջմիածին ու Սարդարապատ: Նախքան այդ սակայն, այցելեցինք Զուարթնոցի աւերակները ու ապա Հռիփսիմէի վանքը եւ վերջապէս Ս. Էջմիածին տաճարն ու Սուրբ Կայանէ եկեղեցին: Այս Սուրբ վայրերը մնալէ ետք, ուղղուեցանք դէպի Սարդարապատ:
Սարդարապատ այցելեցինք թանգարանը որմէ ետք քալեցինք դէպի ցուլերը եւ զանքերը: Դուրսը անապատային արեւ մը կար, եւ զգացինք մեր նախահայրերու ապրումները եւ հասանք Յաղթանակի վայրը: Հոն երգեցինք Սարդարապատի երգը, որմէ ետք յիշեցինք Լիզնոն 5-ի 28-րդ ամեակը եւ իրենց խիզախութեան համար երգեցինք իրենց նուիրուած երգը:
Օրուան ծրագիրը փակելով, պանդոկ վերադարձանք մեր հայրենիքին մէջ անցնելով մեր նախավերջին օրը:
http://www.youtube.com/watch?v=mbXdbHaWC6Y
http://www.youtube.com/watch?v=9QBBOjZA-4M
-
Koshavank & Haghartsin Vanks, ending the day in Dilidjan with the Armenian Junior Organization Badanees – Day 9
Filed under Armenia Trip 2010Jul 26ՊԱՏԱՆԻՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ…
Յուլիս 26-ին, գացինք Գոշավանք, որ նոյնպէս Տավուշի մարզին մէջ կը գտնուէր: Եղած է միջնադարու հոգեւոր մշակոյթի եւ գրչութեան ամենայայտնի կեդրոններէն մէկը: Այցելեցինք նաեւ Հաղարծին վանքը, Տավուշի մարզիանտառներուն մէջ: Այս վանքը նշանաւոր է յատուկ ճարտարապետական նշանակութիւն ունեցող իր սեղանատաներկու սրահներով, բայց նորոգման ընթացքին մէջ կը գտնուէր մեր այցելած պահուն:Ճաշէն ետք, գացինք Հայաստանի Պատանեկան Միութեան բանակավայրը եւ միացանք տեղւոյն պատանիներուն հետ որ կարծես իրարու տարիներէ ի վեր կը ճանչնայինք: Անոնք մեզի ընդունեցին երաժշտութեամբ եւ շուրջ պարերով: Խաղերէ եւ յեղափոխական երգէ ետք, նկարուեցանք Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Դաշնակցութեան ծածանող դրօշներուն ներքեւ: Բանակավայր, մեր ընկերներուն հրաժեշտ տալէ ետք, մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի Սեւան, Հարսնաքար մի քանի ժամ լողալէ ետք, վերադարձանք Երեւան:
![]() |
Welcome to the A.R.F.J.O.C Armenian Revolutionary Federation Junior Organization of Canada |
Thank you for visiting our web site! The ARFJOC has been active since 1956. We still strive to enrich the lives of our members, our community, and most importantly our organization. With this website's creation, we open a new chapter and mark the beginning of an era where our juniors collaborate and represent a true meaning of dedication. Through this website, the voices and activities of our junior members get the opportunity to reach across horizons and transmit their true nationalist behavior.






