-
Nov 18
-
Nov 15
ՀՅԴ ԳՊՄ Մեծն Մոնթրէալի մասնաճիւղերը մասնակցեցան Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմակերպած Ծառատնկումին:ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը կարեւոր կը նկատէր իր մասնակցութիւնը գաղութի կրթական օճախին օժանդակութեան։ Ուստի, Կիրակի, 31 Հոկտեմμեր 2010-ին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Մեծն Մոնթրէալի «Րաֆֆի», «Վիգէն Զաքարեան», «Գետաշէն»« եւ «Դրօ»« մասնաճիւղերու ընկեր ընկերուհիներ, ընկերակցութեամμ իրենց վարիչ-վարչուհիներուն եւ ԸՎՄ-ի ներկայացուցիչ ընկերներուն, մասնակցեցան Ծառատնկումի հանդիսաւոր արարողութեան եւ հովանաւորեցին ծառ մը, որ կը խորհրդանշէ ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան մասնակցութիւնը՝ Մեծն Մոնթրէալի հայեցի դաստի արակութեան կարեւոր օղակներէն մէկը հանդիսացող Սուրμ Յակոμ Ազգային Վարժարանի յարատեւութեան։
-
ՀՅԴ ԳՊՄ-ի կրտսերներու «Րաֆֆի» եւ «Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղերու Հալոուինի խրախճանք
Filed under ChaptersNov 15
Շաμաթ, 30 Հոկտեմμեր 2010-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի Ա. Ահարոնեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Հալոուինի խրախճանք, կազմակերպութեամμ ՀՅԴ ԳՊՄ-ի կրտսերներու «Րաֆֆի» եւ «Վիգէն Զաքարեան» մասնաճիւղերու վարիչ կազմերուն: Խրախճանքին ներկայ էին աւելի քան 100 փոքրիկներ։ Մօտաւորապէս 2 ժամուան ընթացքին, անոնք վայելեցին ճոխ յայտագիր՝ մասնակցութեամμ Տիկ. Ժօէլ Ճինճինեանին, որ հետաքրքրական խաղերով յաճելի ժամանց պարգեւեց μոլորին։ Ներկաները հիւրասիրուեցան համեղ ուտելիքներով, որոնք պատրաստուած էին պատանիներուն ծնողներուն կողմէ եւ վերջապէս խրախճանքը վերջացաւ երեք լաւագոյն տարազի ընտրութեամμ: Սակայն այս տօնախմμութիւնը Հալոուինի սովորական ձեռնարկ մը չէր, որուն գլխաւոր եւ միակ նպատակը ընկերային հաճելի ժամանցն է։ Ձեռնարկը կը հետապնդէր նաեւ μարեսիր ական նպատակ եւ կազմակերպուած էր գլխաւոր նպատակ ունենալով իր ամμողջական հասոյթը տրամադրել Սուրμ Յակոμ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաμարձութեան նախաձեռնած Ծառատնկումի դրամահաւաքի աշխատանքին։
![]() |
Welcome to the A.R.F.J.O.C Armenian Revolutionary Federation Junior Organization of Canada |
Thank you for visiting our web site! The ARFJOC has been active since 1956. We still strive to enrich the lives of our members, our community, and most importantly our organization. With this website's creation, we open a new chapter and mark the beginning of an era where our juniors collaborate and represent a true meaning of dedication. Through this website, the voices and activities of our junior members get the opportunity to reach across horizons and transmit their true nationalist behavior.



